2010-12-22 12:44:33

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կողմնակից Փաստաբան Ճեֆրի ՌՈՊԸՐԹՍԸՆ` Փաստաբանը Ճուլիըն Ասանժի ։


՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի նախկին դատաւոր, բրիտանացի փաստաբան, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողմնակից Ճեֆրի Ռոպըրթսըն դարձած է ՝՝Ուիքիլիքս ՝՝կայքէջի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժի փաստաբանը։ Ռոպըրթսըն Աւստրալիոյ մէջ իր արձակուրդը ընդհատելով վերադարձած է Լոնտոն, պաշտպանելու համար շահերը ՝՝Ուիքիլիքս՝՝ի հիմնադիրին, որ սեռական բնոյթի յանցագործութիւններով մեղադրուած է։
Ճեֆրի Ռոպըրթսըն երկար տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած եւ ապացոյցներ հաւաքած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Բրիտանիոյ հայ համայնքին խնդրանքով ան անցեալ տարի հրապարակած էր իր իրաւաբանական եզրակացութիւնը, որուն մէջ կըսէ թէ ՝՝20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ոչնչացումը Ցեղասպանութիւն է՝՝։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.